2011-10-18 11:54:04

Ռատիովատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն` Յիսուսեան Հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը` ''Սքանչելի Լռութիւն'' Նիւթին Մասին։


29 սեպտեմբերին մամուլին հաղորդուեցաւ ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային օրուան խորհրդածութեան նիւթը ''Լռութիւն եւ խօսք. աւետարանութեան ճանապարհ'' բնագիրով, եւ միքանի օր ետք` կիրակի 9 հոկտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Եկեղեցւոյ հոգեւորականութիւնը յատկանշող վայրը` Իտալիոյ Գալապրիա մարզի Չերդոզա տի Սեռա Սան Պրունօ մենաստանը, աղօթելու ճգնաւորներու հետ, ուր ինչպէս կ'ըսէ Սեռա Սան Պրունօ մենաստանի Աբբահայրը. դարերէ ի վեր '' աղօթքի լռութեան ու մտամփոփումի մէջ կը պահուի վառած լապտերը ։''
Լռութիւնը եւ խօսքը, աղօթքը եւ քարոզութիւնը իրարու հականիշ չեն։ Որովհեետւ լռութիւնը էական նախապայման է ընդունելու եւ ունկնդրելու Աստուծոյ խօսքը։ Որովհետեւ ձայնի հնչիւնը նշանակալից կը դառնայ իր եղանակաւորումին պատճառաւ լռութեան ընդհատումով։
Ժամանակակից մարդուն համար, մխրճուած յարաժամ ժխորին մէջ, ֆիզիքական թէ մտային, ճգնաւորներու կեանքը հիացում կը յարուցանէ, պատուական երկիւղ, հաւասարակշիռ մղցաւանչք ու անցեալի մէջ կորսուած կեանք մը։
Ամէն պարագային գրէթէ ամէնքը կը զգան հրապոյրը կամ կ'ըմբռնեն, թէեւ շփոթ, էական կարեւորութիւնը վայրի մը ուր լռութիւնը հաւասար չէ ոչնչութեան ու պարապութեան, այլ հոգիի շնչառութեան, ուր զգալի կը դառնայ երկնային բաներու գոյութիւնը եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը։ ինչպէս ըսաւ Քահանայապետը. Ամենէն իրական իրադրութիւնը որ կը գերազանցէ զգայական ծաւալը։
Մինչ կը հարցադրենք թէ ի՞նչպէս թեւեր տալ` սլացք տալ ''նոր աւետարանութեան'' եւ անոր պատգամներուն, մոռնալու չենք, որ անոր արդիւնքը անսալէն կու գայ եւ որուն նախապայմանը` լռութիւնն է` լռութիւնը որ լի է Աստուծոյ կեանքի իրողութեամբ։
Ճգնաւորին թագնուած գոյութիւնը, ինչպէս կ'ըսէ Աբբահայրը, Աստուծոմով ինքզինքը մօտիկ կը զգայ երկրագունդի բոլոր մարդոց, եւ մասնաւորապէս անոնց` որոնք կը փնտռտեն, կը պայքարին ու կը տառապին, Ճգնաւորին գոյութիւնը մեզի կ'ընկերանայ ու կը մխիթարէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.